2015-11-06 08:46:00

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Խաչքարի տեղադրում` Պքերքէի մէջ։


Անտիոքի Ասորական մարոնիական եկեղեցւոյ պատրիարքութեան եւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն եւ համաքրիստոնէական հաւաք` մասնակցութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն,  Մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան շրջափակին մէջ, Պքերքէ:

Ձեռնարկին ներկայ էր կարտինալ Պշարա Ռային, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, պապական նուիրակը,  պետական եւ զինուորական մարմիններ, հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, լիբանանցի եւ հայ մտաւորականութիւն եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Էլի Ահուաշ: Ան ողջունեց ներկաները այս պատմական եւ մարդկային մեծ իրադարձութեան առիթով եւ ըսաւ, թէ բոլորս կը կառչինք խաչին եւ կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս ժայռերուն դէմ մաքառելով քրիստոնեաները ունեցած են լոյս եւ ջուր, կապուած են իրարու, դիմադրած են չարին Պէյրութի ծովափերուն` հաւատալով, որ եթէ Աստուած մեզի հետ է, ոչ ոք կրնայ մեզի յաղթել:

Ելոյթ ունեցաւ Ժիւլի Խէյր Ալլա-Պուտագեան: Ան արժեւորելով  հայ-լիբանանեան եղբայրական յարաբերութիւնները մատնանշեց, թէ ինչպէ՛ս հայերը ջարդէն փրկուելով հիւրընկալուած են Լիբանանի մէջ, ապա տքնաջան աշխատանքով մեծ դեր ունեցած են Լիբանանի բարգաւաճման ու զարգացման մէջ: Ան յայտնեց, որ բարերար Սարգիս Պուտագեանի փափաքը եղած է այս կոթողը զետեղել պատրիարքութեան շրջափակին մէջ` իբրեւ շնորհակալութեան երաշխիք լիբանանցի ժողովուրդին: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Այս սուրբ երեկոյթը լաւագոյն վկան է խաղաղ եւ սիրոյ համակեցութեան Լիբանանի ժողովուրդին. խաչքարը վկայութիւնն է հաւատքի տոկունութեան եւ ինքնին ականատես վկան է յարութեան»:

Խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան ըսաւ, որ խաչքարը կը խորհրդանշէ հայութիւնը, կ՛արտացոլէ հայու կամքը եւ յաղթանակը: Ան բարձր գնահատեց խաչքարի զետեղումը այս պատմական վայրին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան` այս աննախընթաց իրադարձութեան համար:

Խօսք առաւ նաեւ Քրիսթին Պապիկեան-Ասսաֆ, որ ըսաւ, թէ «այսօր, այս խաչքարը` քարակերտ գիշերապահ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան, համայնքի մը այս հողին մէջ արմատացման խորհրդանիշ, կը վերանորոգէ հայ ժողովուրդին հաւատքը այս երկրին նկատմամբ: Պքերքէն ընտրելը այս ձօնին համար իբրեւ վայր, կը նշանակէ ընտրել մարտկոցը, բերդը քրիստոնէութեան ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի: Պքերքէն ընտրելը նաեւ կը նշանակէ ընտրել լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր գերիշխանութեան, չափաւորութեան եւ միասնականութեան խորհրդանիշը, այս Արեւելքին մէջ, որուն ապագան յստակ չէ եւ որ վտանգուած է բոլոր ծայրայեղութիւններուն պատճառով»:

Ելոյթ ունեցաւ «Սրբուհի Ռաֆքա երգչախումբն ու նուագախումբը` խմբավարութեամբ քոյր Մարանա Սաատի: Անոնք ներկայացուցին փունջ մը հոգեւոր ու հայրենասիրական երգեր: Հիասքանչ էր երգչախումբին կողմէ «Կիլիկիա» երգի կատարումը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ փոխադարձուեցաւ երկար ծափահարութիւններով:

Խօսք առաւ նաեւ Ապտօ Լապաքի: Ան ըսաւ, որ խաչքարը կը խորհրդանշէ հայուն տոկունութիւնը, կարողականութիւնը, անոր անխախտելի հաւատքը: Խաչքարը կու գայ հաստատելու, որ կեանքը միշտ կը յաղթէ մահուան: Ան անդրադարձաւ նաեւ Նախիջեւանի մէջ իրականացուած մշակութային ցեղասպանութեան, հայկական խաչքարերու արուեստին, անոնց պատրաստման բծախնդիր աշխատանքին, նախշերուն ու գիծերուն: Ան հաստատեց, որ խաչքարը վկան է հայ ժողովուրդի պայքարին, յաղթանակներուն, մշակոյթին եւ պատմութեան:

Խօսք առաւ նաեւ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան` այս նախաձեռնութեան համար եւ ըսաւ, այս խաչքարը առիթ պիտի հանդիսանայ ամրապնդելու Լիբանանի ժողովուրդին միասնակամութիւնը եւ հանգրուան մը պիտի ըլլայ մեր հաւատքի հզօրացման ու բիւրեղացման:

Խօսք առաւ Մոհամետ Ալի Շամսէտտին, որ ըսաւ, թէ Լիբանանի հարաւէն եկած է այս պահուն ներկայ ըլլալու այս առիթին` իր ուսին շալկելով իր խաչը: Ան ըսաւ, որ խաչքարը կը կանգնեցուի առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդի քաջութեան: Ապա արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Իմ ազգին» ոտանաւորի արաբերէն թարգմանութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Ղալեպ Ապտալլա Ղանեմ: Ան ըսաւ, որ խաչքարը ինքնին արդարութեան ձայնն է: Միլիոնաւոր հայ նահատակներու արդարութեան կանչն է: Խաչքարը այսօր իր քաղաքակրթութեամբ, իր մարդկային վեհ արժէքներով կու գայ նոր արժէք մը աւելցնելու Պքերքէի ժառանգութեան ու հարստութեան:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Անտիոքի մարոնի եկեղեցւոյ պետ Պշարա Ռայի պատրիարքը: Ան ըսաւ, որ խաչքարը կը դրսեւորուի երեք ծիրերու մէջ` հաւատքի, եկեղեցական եւ հայրենասիրական: Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը Լիբանանի մէջ ճանչցուած է` իբրեւ նուիրեալ ու անկեղծ քաղաքացի, որ իր ճիգը չէ խնայած բարօր կեանքի ապահովման եւ միաժամանակ Լիբանանի բարգաւաճման բոլոր մարզերուն մէջ անխտիր: Ան ըսաւ, որ հայերը իրենց աշխատանքով եւ խիզախութեամբ կրցան կազմել իրենց պետութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Սարգիս Պուտագեանին եւ իր ընտանիքին` խաչքարի զետեղումը իրագործելնուն համար:

Բոլոր ներկաները շրջապատեցին խաչքարը, որ զետեղուած էր պատրիարքարանի շրջափակին մէջ: Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կատարեց յատուկ աղօթք` հայերէնով, հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան` արաբերէնով:








All the contents on this site are copyrighted ©.